2013-11-29 13:46:43

Հարցազրոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` վսեմաշուք Միքայել Մինասեանի հետ։


Անցեալ երեքշաբթի, 26 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5,15-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած` Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան` վսեմաշուք Միքայել Մինասեան, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ռատիովատիկան։ Պաշտօնական այցելութեան սկիզբը, դեսպան Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին հետ ու ապա հանդիպեցաւ Ռատիոկայանի հայկական բաժնի անձնակազմին հետ։
Այցելութեան առթիւ դեսպան Մինասեան Ռատիովատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան ''սթուտիոյին'' մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէնին հետ։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.